«Հապա եթէ» ծրագիրը երեխաներու ուղղուած, ստեղծարար աշխատանոցներու շարք մըն է։

Մեր նպատակը՝ երեխաներուն համար ազատ վայր մը ստեղծել է, ուր անոնք կրնան արեւմտահայերէնով մտածել, ստեղծագործել, արտայայտուիլ եւ խաղալ։

Այս աշխատանոցներուն միջոցով, երեխաները աշխարհի չորս ծագերէն կ՚այցելեն
«հապա եթէ»-ներով լեցուն աշխարհ մը։

Այս աշխատանոցներուն կարելի է հասնիլ առցանց, կամ տեղւոյն վրայ  գործակցութիւններով։